Ջուրը- ինքն ալ — զարմացաւ թէ ինչպէս
վեր չթափեցաւ ելաւ պատէն վէր
Ջուր մըն էր բոլոր միւս ջուրերուն պես
-ջուր որ սորված էր անձրեւի շիթէն
թէ իր դերը վար իյնալ է միայն
Եւ եթե չիյնայ հողը կը վշտանայ
քէն կ’ընէ ու ծառ ծաղիկ չի բանար —
Այդ ջուրը ինչպէս ելավ պատէն վէր —
Արդեօք պատճառը ա՞յն էր որ գիշերանց
սիրաբանած էր լիալուսնին հետ
ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ
— Հիմա ձեզմէ շատեր պիտի խորհին թէ
այդ ջուրն իրենք են —
— շատերն թէ իրենք լիալուսինն են —
— իսկ պատը ան միշտ միեւնոյն պատն է
ԶԱՀՐԱԴ