Վահան մը լոյս
Վահան մ’աննիւթ — զուտ գաղափար — բորբ հաւատք
Հպարտ փռներ եմ կուրծքիս
Լուտանքներուն դէմ մոլեգնած աշխարհին
Դարանակալ խժգուժութեան դէմ անզուսպ
Մինչ մայթերէն — իբր թէ
Հանդարտօրէն կը քալեմ
Երազատես սուրբի նման անտարբեր —
Իսկութեան մէջ ես կուրծք կու տամ հազարումէկ հարուածի
հազարումէկ թշնամանքի ու դաւի —
Երբ հանդիպիք դուք ինծի
— Թշնամի թէ բարեկամ —
Մէկուն վրայ այս քաղաքին փոշեպաճոյճ մայթերէն —
Մի կարծիք թէ մինակ եմ
անապաւէն — անօգնական — կամ անէն —
Դուք որ — օտար
— չէք նշմարեր հարկաւ վահանն իմ զօրեղ —
Վահան մը լոյս
Վահան մ’աննիւթ — զուտ գաղափար — բորբ հաւատք
Չոր հպարտ
Կուրծքիս վրայ դրօշի պէս կը բռնեմ
ԶԱՀՐԱԴ